1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:9
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ. Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:9
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:10
Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:10
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:4
Հովը դիտողը չի կրնար ցանել Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:4
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:5
Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր, Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:5
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:6
Առտուն քու սերմդ ցանէ Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ Ա՞յս թէ այն, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:6
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:2
Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11:2