Երկրի վրայ բնակողները կը մոլորեցնէր այն նշաններով, որ իր ձեռքը տրուած էր գազանին առջեւ ընելու։ Երկրի բնակիչներուն կ’ըսէր, որ պատկերը շինեն այն գազանին, որ սուրով վիրաւորուած էր ու առողջացաւ։ Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ։