1
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:18
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։
Compare
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:18
2
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:4
Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:4
3
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:19
Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:19
4
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:7
Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:7
5
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:8
Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:8
6
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:10
Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:10
7
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:11
Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:11
8
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:9
Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:9
9
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:20
Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ «Ես Աստուած կը սիրեմ» ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:20
10
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:15
Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:15
11
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:21
Աստուած այս պատուէրը տուած է. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:21
12
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:1-2
Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են։ Ասով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին։ Ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած կը դաւանի, անիկա Աստուծմէ է
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:1-2
13
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:3
եւ ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չի դաւանիր, անիկա Աստուծմէ չէ ու ասիկա Նեռին հոգին է, որուն համար լսեցիք թէ պիտի գայ ու արդէն աշխարհի մէջ է։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:3