ԵԶԵԿԻԷԼԻ 31

31
ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԱՅՐԻ ԾԱՌԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻ
1Տասնըմէկերորդ տարուան, երրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ու անոր ժողովուրդին ըսէ՛. ‘Դուն քու մեծութիւնովդ որո՞ւ կը նմանիս’։ 3Ահա Ասորեստանցին Լիբանանի մէջ եղող եղեւինի մը պէս էր, անոր ոստերը գեղեցիկ ու տերեւախիտ ճիւղերը հովանի էին ու հասակը բարձր էր եւ անոր գլուխը #31:3 կամ, ամպերուխիտ ճիւղերու՝ ՝ մէջ էր։ 4Ջուրերը զանիկա մեծցուցին, անդունդները զանիկա բարձրացուցին, իրենց գետերը անոր տնկուած տեղին բոլորտիքը կը պտըտէին ու իրենց վտակները դաշտին բոլոր ծառերուն կը ղրկէին։ 5Այս պատճառով անոր հասակը դաշտին բոլոր ծառերէն բարձր եղաւ ու տարածուելով՝ ջուրերուն շատութենէն անոր ոստերը շատցան եւ ճիւղերը երկնցան։ 6Անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները բոյն կը շինէին ու ճիւղերուն տակ դաշտի բոլոր գազանները կը ծնանէին։ Անոր հովանիին տակ բոլոր մեծ ազգերը կը բնակէին։ 7Իր մեծութիւնովը ու ճիւղերուն երկայնութիւնովը գեղեցիկ էր, վասն զի անոր արմատը շատ ջուրերու քով էր։ 8Աստուծոյ դրախտին եղեւինները զանիկա չէին ծածկեր, մայրի ծառերը անոր ոստերուն չէին նմանիր ու սօսիները անոր շառաւիղներուն պէս չէին. Աստուծոյ դրախտին մէջ բնաւ ծառ մը գեղեցկութեամբ անոր նման չէր։ 9Իր ոստերուն շատութիւնովը գեղեցիկ էր ու Աստուծոյ դրախտին մէջ եղող Եդեմի բոլոր ծառերը անոր կը նախանձէին։
10Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ հասակով բարձրացաւ ու գլուխը ամպերու հասցուց, իր սիրտը իր բարձրութիւնովը հպարտացաւ։ 11Ես ալ զանիկա ազգերու մէջ զօրաւոր մէկուն ձեռքը տուի, որ անշուշտ անոր հատուցում պիտի ընէ։ Զանիկա վռնտեցի։ 12Ու օտարները, ազգերուն բռնաւորները, զանիկա կտրեցին եւ զանիկա թողուցին։ Անոր ճիւղերը լեռներու վրայ ու հովիտներու մէջ ինկան։ Անոր ճիւղերը երկրի բոլոր ձորերուն մէջ կոտրտեցան ու երկրի բոլոր ժողովուրդները անոր հովանիէն հեռացան ու զանիկա թողուցին։ 13Անոր ինկած ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները պիտի բնակին եւ անոր ճիւղերուն վրայ դաշտի գազանները պիտի կենան։ 14Ջրասուն ծառերը բնաւ իրենց հասակին վրայ պիտի չհպարտանան եւ իրենց գլուխը խիտ ճիւղերու մէջ պիտի չվերցնեն։ Բոլոր ջուրով ոռոգուածները անոնց հպարտութեանը համար անոնց պիտի չյարին. վասն զի ամէնքը գետնին տակերը մահուան ձեռքը տրուած են՝ գուբը իջնող մարդոց որդիներուն մէջ»։ 15Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Գերեզմանը իջած օրը՝ սուգ բռնել տուի, անոր համար անդունդը ծածկեցի ու անոր գետերը արգիլեցի։ Շատ ջուրեր արգիլուեցան ու անոր համար Լիբանանը սուգ բռնեց եւ անոր համար դաշտի բոլոր ծառերը թառամեցան։ 16Երբ զանիկա գուբը իջնողներուն հետ գերեզմանը իջեցուցի, անոր կործանումին ձայնէն ազգերը դողացուցի։ Եդեմի բոլոր ծառերը, Լիբանանի ընտիր ու գեղեցիկ ծառերը եւ ջուրով ոռոգուածները, սանդարամետ իջնողները մխիթարուեցան։ 17Անոնք ալ անոր հետ՝ սուրով սպաննուածներուն քով գերեզմանը իջան, նաեւ անոր բազուկը եղողները, որոնք անոր հովանիին տակ՝ ազգերուն մէջ կը նստէին։
18Դուն այսպիսի փառքով ու մեծութեամբ որո՞ւ կը նմանիս Եդեմի ծառերուն մէջ։ Դուն Եդեմի ծառերուն հետ գետնին տակ պիտի նետուիս ու սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատներուն մէջ պիտի պառկիս։ Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը այսպէս պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

Одоогоор Сонгогдсон:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 31: WARMB

Тодруулга

Хувилах

Харьцуулах

Хуваалцах

None

Тодруулсан зүйлсээ бүх төхөөрөмждөө хадгалмаар байна уу? Бүртгүүлэх эсвэл нэвтэрнэ үү