ԵԶԵԿԻԷԼԻ 30
30
ՏԷՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ողբացէ՛ք ու ըսէ՛ք՝ «Աւա՜ղ, ցաւալի օր». 3Վասն զի օրը մօտ է, Տէրոջը օրը մօտ է, անիկա ամպոտ օր է. ազգերուն համար աւերման ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ 4Եգիպտոսի վրայ սուր մը պիտի գայ ու Եթովպիայի մէջ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ։ Երբ Եգիպտոսի մէջ վիրաւորներ իյնան եւ անոր հարստութիւնը առնեն, անոր հիմերը պիտի կործանին։ 5Եթովպիացիները, Փուդացիները եւ Ղուդացիները ու բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդը եւ Քուբացիները եւ ուխտի երկրին որդիները անոնց հետ մէկտեղ սուրով պիտի իյնան’»։ 6Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի օգնականներն ալ պիտի իյնան ու անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի խոնարհի. Մագդողէն մինչեւ Սուհէն սուրով պիտի իյնան անոր մէջ’։ 7«Ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ըլլան եւ անոր քաղաքները կործանուած քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան։ 8Երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ ձգեմ ու անոր բոլոր օգնականները կոտորուին, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 9Այն օրը իմ առջեւէս նաւերով դեսպաններ պիտի ելլեն, որպէս զի ապահովութեան մէջ եղող Եթովպիացիները վախցնեն եւ անոնց վրայ սաստիկ խռովութիւն ըլլայ Եգիպտոսի օրուանը պէս. վասն զի ահա ան կու գայ»։
10Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի հարստութիւնն ալ Բաբելոնի ձեռքով պիտի ջնջեմ։ 11Անիկա ու անոր հետ իր ժողովուրդը, ազգերուն բռնաւորները, երկիրը աւերելու պիտի գան։ Անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի վրայ պիտի քաշեն ու երկիրը սպաննուածներով պիտի լեցնեն։ 12Ես գետերը պիտի ցամքեցնեմ ու երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի մատնեմ ու երկիրը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը օտարներուն ձեռքով պիտի կորսնցնեմ. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։
13Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Կուռքերն ալ բնաջինջ պիտի ընեմ ու Մեմփիսի չաստուածները պիտի ոչնչացնեմ։ Անգամ մըն ալ Եգիպտոսի երկրէն իշխան պիտի չելլէ ու Եգիպտոսի մէջ վախ պիտի դնեմ։ 14Պաթուրէսը աւերակ պիտի ընեմ ու Տայանիսը կրակի պիտի տամ ու Նովը պիտի պատժեմ։ 15Եգիպտոսի ամրութիւնը եղող Սինի վրայ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտորեմ։ 16Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ։ Սին սաստիկ պիտի տագնապի ու Նովի պարսպին խրամը պիտի քանդեմ եւ թշնամիները ցորեկով պիտի տիրեն Մեմփիսին։ 17Արեգ քաղաքին ու Բուբաստի կտրիճները սուրով պիտի իյնան ու անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան։ 18Նաեւ Տափնասի մէջ ցորեկը խաւար պիտի ըլլայ՝ երբ հոն Եգիպտոսի լուծերը կոտրտեմ ու հոն անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի ոչնչանայ։ Ամպը պիտի ծածկէ զանիկա եւ անոր աղջիկները գերութեան պիտի երթան։ 19Այսպէս Եգիպտոսը պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿՈՏՐԱԾ ՈՅԺԸ
20Տասնըմէկերորդ տարուան առաջին ամիսը, ամսուան եօթին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 21«Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի։ Ահա անիկա պիտի չփաթթուի, ո՛չ ալ անոր վրայ դեղեր ու կապեր դնելով՝ զանիկա պիտի պատեն, որ զօրանայ սուր բռնելու համար։ 22Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ ու անոր բազուկները պիտի կոտրտեմ, թէ՛ զօրաւորը եւ թէ՛ տկարը եւ սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ 23Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ։ 24Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ եւ իմ սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի կոտրտեմ ու անիկա անոր առջեւ մահամերձ վիրաւորուածի հծծութիւնովը պիտի հեծեծէ։ 25Այսպէս Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ, իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի իյնան։ Երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ եւ ան ալ զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ երկնցնէ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 26Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
Одоогоор Сонгогдсон:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 30: WARMB
Тодруулга
Хувилах
Харьцуулах
Хуваалцах
Тодруулсан зүйлсээ бүх төхөөрөмждөө хадгалмаар байна уу? Бүртгүүлэх эсвэл нэвтэрнэ үү
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.