ՍԱՂՄՈՍ 88

88
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ ՄԸ
Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուածը,
Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ։
2Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։
Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։
3Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ
Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։
4Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ.
Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։
5Մեռելներու մէջ ինկած եմ
Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս,
Որոնք ա՛լ չես յիշեր
Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։
6Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր,
Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։
7Քու տրտմութիւնդ ճնշեց իմ վրաս
Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)
8Իմ ճանչուորներս ինծմէ հեռացուցիր,
Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ.
Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։
9Տառապանքէն աչքերս վատացան.
Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր,
Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։
10Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես.
Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։)
11Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ
Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։
12Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ
Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։
13Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի
Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։
14Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես
Ու քու երեսդ կը ծածկես ինծմէ։
15Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։
Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։
16Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ
Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։
17Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին,
Միասին չորս կողմս առին։
18Հեռացուցիր ինծմէ սիրելին ու բարեկամը,
Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 88: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք