ՍԱՂՄՈՍ 87

87
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ
Կորխի որդիներուն Սաղմոսն ու երգը
1Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։
2Տէրը Սիօնի դռները
Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կըսիրէ։
3Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար,
Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։)
4 # 87:4 Այսինքն, Եգիպտոսը Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս #87:4 Կամ, ճանչցողներու պէսճանչցողներուն մէջ՝ ՝,
Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ.
Ասոնք ալ հոն ծնան։
5Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ
«Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ»
Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։
6Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ.
«Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։)
7Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն.
«Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են»։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 87: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք