ՍԱՂՄՈՍ 128
128
ՏԷՐՈՋԸ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աստիճաններուն երգը
1Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան
Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։
2Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես.
Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։
3Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ
Քու տունէդ ներս
Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան
Քու սեղանիդ չորս կողմը։
4Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը
Այսպէ՛ս պիտի օրհնուի։
5Տէրը քեզ Սիօնէն օրհնէ
Ու Երուսաղէմին բարութիւնը տեսնես
Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ
6Եւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։
Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 128: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.