ՍԱՂՄՈՍ 121
121
ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ
Աստիճաններուն երգը
1Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ,
Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։
2Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է,
Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։
3Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ
Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։
4Ահա Իսրայէլի Պահապանը
Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։
5Տէրը քու պահապանդ է.
Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։
6Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ,
Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։
7Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ,
Քու անձդ պիտի պահպանէ։
8Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 121: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.