ՍԱՂՄՈՍ 120
120
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի
Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։
2Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն
Ու նենգաւոր լեզուէն։
3 # 120:3 Կամ, Նենգաւոր լեզուն քեզի ի՞նչ կու տայ ու քեզի ի՞նչ կ’աւելցնէ Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի
Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի՝ ՝.
4Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը
Ու գիհիին կայծերը։
5Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ
Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։
6Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ
Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։
7Ես խաղաղասէր էի.
Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 120: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.