1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:23
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:23
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:14
Քանզի մեղքը ձեր վրայ պիտի չիշխէ. վասն զի օրէնքի տակ չէք, հապա շնորհքի տակ։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:14
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:4
Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:4
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:13
Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:13
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:6
Այս գիտնանք թէ մեր հին մարդը անոր հետ խաչուեցաւ, որ մեղաւոր մարմինը փճանայ, որպէս զի ասկէ յետոյ մեղքի չծառայենք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:6
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:11
Այսպէս դուք ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:11
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:1-2
Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք. մեղքի մէջ մնա՞նք արդեօք, որպէս զի շնորհքը շատնայ։ Քա՛ւ լիցի. մենք որ մեղքին մեռանք, ի՞նչպէս անոր մէջ կենանք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:1-2
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:16
Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ՝ արդարութեան։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:16
9
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:17-18
Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։ Ուստի դուք մեղքէ ազատուելով՝ արդարութեան ծառայ եղաք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:17-18