1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:8
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:8
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:5
Եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:5
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:3-4
Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:3-4
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1-2
Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1-2
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:6
Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:6
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:9
Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:9
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:19
Վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:19
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:11
Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:11