1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:25
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Ուրեմն ես ինքս մտքով Աստուծոյ օրէնքին կը ծառայեմ ու մարմնով՝ մեղքի օրէնքին։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:25
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:18
Քանզի գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:18
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:19
Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:19
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:20
Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիսդիս բնակած է։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:20
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:21-22
Ուստի ես կը գտնեմ օրէնք մը, որ երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։ Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:21-22
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:16
Բայց եթէ չուզածս կ’ընեմ, հաւանութիւն կու տամ օրէնքին՝ թէ բարի է։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:16