ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:26-28
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:26-28 WANTACOC
Ահա թէ ինչու՝ Աստուած թոյլ տուաւ որ անարգ կիրքերու անձնատուր ըլլան։ Որովհետեւ անոնց էգերը իրենց բնական կարիքները հակաբնական կարիքներու հետ փոխանակեցին։ Նոյնպէս ալ արուները, կիներու հետ բնական յարաբերութիւնը ձգած՝ հակաբնական ախորժակներով իրարու ցանկացին. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային Աստուծմէ։ Այսինքն, քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել.





