YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 7

7
ՄԱՐԴԸ
1Ի՜նչ գեղեցիկ են քու քայլերդ կօշիկներով,
Ո՛վ իշխանի աղջիկ.
Քու բարձերուդ կազմուածը՝
Երեւելի արուեստագէտի մը ձեռքով շինուած՝
Մանեակներու կը նմանի։
2Քու պորտդ ըմպելիքով լեցուն բոլորակ թասի մը կը նմանի։
Քու փորդ շուշանով պատած ցորենի շեղջին պէս է։
3Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու,
Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են։
4Պարանոցդ փղոսկրէ աշտարակի պէս է.
Աչքերդ Եսեբոն՝ Բաթրաբբիմի դրանը քով եղող աւազաններուն կը նմանին.
Ունչդ դէպի Դամասկոս նայող Լիբանանի աշտարակին պէս է։
5Գլուխդ քու վրադ՝ Կարմեղոսի պէս
Եւ գլխուդ հիւսուածքը ծիրանիի պէս է։
Թագաւորը քու խոպոպիքներուդ կապուած է։
6Ո՜րչափ գեղեցիկ եւ ո՜րչափ քաղցր ես,
Իմ փափկալի՛ց սիրուհիս։
7Քու հասակդ՝ արմաւենիի
Ու ստինքներդ ողկոյզներու կը նմանին։
8Ըսի, Արմաւենիին վրայ ելլեմ,
Անոր ոստերուն փակչիմ։
Քու ստինքներդ՝ խաղողի ողկոյզներու պէս
Ու ռնգունքներուդ հոտը խնձորներու հոտին պէս թող ըլլայ։
9Քու համբոյրդ ազնիւ գինիի պէս է,
Որ շիտակ կը վազէ իմ սիրականիս
Ու քնացողներուն #7:9 Կամ, շրթունքներուն վրայ կը կաթիշրթունքները կը խօսեցնէ՝ ՝։
ԿԻՆԸ
10Ես իմ սիրականիսն եմ
Եւ ան ինծի կը բաղձայ։
11Եկո՛ւր, իմ սիրականս, դաշտը ելլենք,
Գիշերը գիւղերու մէջ անցընենք,
12Առտու կանուխ այգիները երթանք
Ու տեսնենք թէ որթատունկը ծլե՞ր է, ծաղիկը բացուե՞ր է
Եւ նռնենիները ծաղկե՞ր են։
Հոն իմ սէրս քեզի պիտի տամ։
13Մանրագորները իրենց հոտը կու տան
Ու մեր դռներուն մէջ,
Բոլոր ընտիր պտուղներէն, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին,
Քեզի համար պահեր եմ, ո՛վ իմ սիրականս։

Currently Selected:

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 7: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in