ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 3
3
ՄԱՐԴԸ
1Իմ հոգիիս սիրածը
Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի,
Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։
2Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ,
Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ,
Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։
Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
3Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։
«Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք», ըսի։
4Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով,
Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։
Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի,
Մինչեւ որ իմ մօրս տունը
Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։
5Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,
Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ,
Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք՝
Մինչեւ որ ինք ուզէ։
ԵՐՐՈՐԴ ԵՐԳ
ԿԻՆԸ
6Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով
Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝
Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։
7Ահա Սողոմոնին #3:7 Կամ, անկողինըգահոյքը,
Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւոր մարդոցմէ
Վաթսուն զօրաւոր մարդ կայ։
8Ամէնքն ալ սուսերաւոր
Ու պատերազմի վարժուած են։
Գիշերուան վախին համար՝
Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։
9Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն
Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։
10Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ,
Բազմոցը ծիրանիէ շինեց,
Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները
# 3:10 Եբր., սիրով Խիստ գեղեցիկ՝ ՝ ասեղնագործած էին։
11Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք
Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք
Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը
Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա։
Currently Selected:
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 3: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.