YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 93

93
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Տէրը կը թագաւորէ։ Մեծածափառութիւն հագած է։
Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորուած է։
Աշխարհն ալ հաստատուած է, որպէս զի չսասանի։
2Քու աթոռդ հինէն հաստատ է.
Յաւիտենական ես դուն։
3Ո՛վ Տէր, գետերը բարձրացուցին,
Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը.
Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։
4Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն
Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։
5Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են։
Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ #93:5 Եբր., երկար օրերյաւիտեան։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 93: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in