YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 8

8
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը,
Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ,
Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։
2Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով
# 8:2 Կամ, Զօրութիւն Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար,
Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։
3Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝
Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,
4Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես,
Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կընես։
5Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն,
Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.
6Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա.
Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.
7Բոլոր ոչխարները ու արջառները,
Նաեւ վայրենի անասունները,
8Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը
Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։
9Ով Տէր, մեր Տէրը,
Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 8: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in