YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 77

77
ՏԱԳՆԱՊԻ ԺԱՄՈՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
1Աստուծոյ կ’աղաղակեմ.
Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ։
2Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի։
Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար։
Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր։
3Աստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ։
Խորհեցայ ու իմ հոգիս նուաղեցաւ։ (Սէլա։)
4Իմ աչքերս արթուն պահեցիր,
Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ։
5Միտքս բերի նախկին օրերը,
Հին ժամանակներուն տարիները։
6Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս,
Իմ սրտիս հետ կը խօսիմ
Ու իմ հոգիս ալ կը քննեմ։
7«Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞
Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞։
8Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւ
Ու իր խոստումը վերջացա՞ւ ազգէ մինչեւ ազգ։
9Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ,
Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը»։ (Սէլա։)
10Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որ
# 77:10 Կամ, Սակայն Բարձրեալին աջ ձեռքին տարիները պիտի յիշեմ Բարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է»։
11Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ.
Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։
12Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ
Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։
13Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։
Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։
14Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես.
Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։
15 Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝
Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։)
16Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած,
Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին,
Անդունդներն ալ սարսափեցան։
17Ամպերը ջուր թափեցին.
Երկինքները ձայն հանեցին.
Նետերդ ալ գացին։
18Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։
Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։
Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։
19Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է
Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է
Ու քու շաւիղներդ չեն երեւիր։
20Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր
Մովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 77: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in