YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 64

64
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս.
Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։
2Ծածկէ զիս չարերու ժողովէն,
Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,
3Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն,
Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն,
4Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար.
Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։
5Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։
Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ
Կ’ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։
6Անօրէնութիւն կը փնտռեն,
# 64:6 Կամ, իրենց խորհած խորհուրդը կը ծածկեն Կ’ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։
Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է,
7Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։
Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։
8Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։
Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։
9Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան.
Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն
Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։
10Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ
Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 64: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in