YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 53

53
ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԶԳԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը
1Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։
Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։
Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ,
Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,
Որ Աստուած փնտռէ։
3Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.
Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները,
Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն
Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։
5Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար.
Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։
Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։
6Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։
Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝
Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 53: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in