ՍԱՂՄՈՍ 45
45
ԵՐԳ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ՄԸ
Կորխի որդիներուն քերթուածը. երգ սիրոյ
1Իմ սրտէս բարի խօսք կը բղխի
Շարադրածս թագաւորին համար է,
Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։
2Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես.
Քու շրթունքներէդ շնորհք կը հոսի.
Անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան։
3Ո՛վ Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէ
Քու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։
4Ու քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։
Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր
Ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։
5Քու նետերդ սուր են
Ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են։
Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։
6Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։
Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։
7Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես.
Անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ,
Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։
8Քու բոլոր հանդերձներդ զմուռս ու հալուէ եւ կասիա կը բուրեն.
Փղոսկրէ պալատներէն #45:8 Կամ, ուրկէնուագարաններուն լարերը՝ ՝ քեզ ուրախացուցին։
9Թագաւորներու աղջիկները քու պատուոյ տիկիններուդ մէջ են.
Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած։
10Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս եւ քու ականջդ ծռէ՛.
Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։
11Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ,
Վասն զի ան է քու տէրդ, ուստի խոնարհիր անոր առջեւ։
12Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստները
Ընծայով պիտի խնդրեն քու շնորհքդ։
13Թագաւորին աղջիկը փառաւոր է,
Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։
14Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին.
Անոր ընկերացող աղջիկները քեզի պիտի բերուին։
15Ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուին,
Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։
16Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան.
Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։
17Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչեւ ազգ.
Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 45: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: