YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 41

41
ՀԻՒԱՆԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։
Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։
2Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա,
Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ
Ու թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնէ զանիկա։
3Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ.
Անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։
4Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,
Բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի»։
5Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս,
Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի»։
6Եթէ մէկը ինծի գալու ըլլայ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ’ըսէ։
Իր սիրտը անօրէնութիւն կը հաւաքէ իրեն համար,
Որպէս զի դուրս ելլելով խօսի։
7Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները,
Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին.
8 Կ’ըսեն. «Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւ
Ու հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չելլէ»։
9Մինչեւ անգամ իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի,
Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։
10Սակայն, ո՛վ Տէր, դուն ողորմէ՛ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիս
Ու ես փոխարէնը պիտի տամ անոնց։
11Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս,
Անոր համար թշնամիս յաղթական չըլլար։
12Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես
Ու յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես։
13Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝
Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 41: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in