YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 4

4
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։
Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր.
Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։
2Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք
Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)
3Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը #4:3 Կամ, ըլլայորոշեց։
Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։
4Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք.
Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)
5Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք,
Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։
6Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։
Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։
7Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝
Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։
8Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ,
Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 4: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in