ՍԱՂՄՈՍ 38
38
ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի՝ յիշատակի համար
1Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ
Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան
Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։
3Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն
Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,
4Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան,
Ծանր բեռի պէս #38:4 Եբր., ինծմէիմ վրաս ծանրացան։
5Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան
Իմ յիմարութեանս պատճառով։
6Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ.
Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,
7Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան
Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։
8Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ.
Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։
9Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է
Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։
10Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ
Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։
11Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան,
Ազգականներս ալ հեռու կը կենան
12Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն
Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին
Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։
13Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր
Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։
14Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր
Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։
15Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։
Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
16Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ
Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։
17Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ
Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։
18Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ
Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։
19Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։
Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։
20Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները
Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։
21Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր,
Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։
22Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր,
Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 38: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.