ՍԱՂՄՈՍ 29
29
ՏԷՐՈՋԸ ՁԱՅՆԸ ՓՈԹՈՐԻԿԻՆ ՄԷՋ
Սաղմոս Դաւիթի
1Տէրոջը տուէք, ո՛վ #29:1 Կամ, Աստուծոյհզօրաց որդիներ,
Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
2Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը,
Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։
3Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։
Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։
Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։
4Տէրոջը ձայնը ուժով է։
Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։
5Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ
Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները.
6Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս,
Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։
7Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։
8Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։
Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։
9Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ
Ու անտառները կը մերկացնէ.
Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։
10Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի,
Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։
11Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ,
Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 29: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.