ՍԱՂՄՈՍ 27
27
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է,
Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։
Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է,
Ես որմէ՞ պիտի դողամ։
2Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝
Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։
3Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ,
Սիրտս պիտի չվախնայ։
Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ,
Դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ։
4Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն
Ու ասիկա կ’աղաչեմ,
Որ կեանքիս բոլոր օրերը
Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝
Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու
Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։
5Վասն զի չար օրուան մէջ՝
Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ,
Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ,
Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։
6Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ
Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ։
Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ,
Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։
7Ո՛վ Տէր, ձայնս լսէ՛ կանչելու ատենս
Ու ողորմէ՛ եւ պատասխան տուր ինծի։
8«Իմ երեսս փնտռեցէք», ըսիր
Իմ սիրտս ալ քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։
9Քու երեսդ ինծմէ մի՛ ծածկեր,
Բարկութիւնովդ ծառադ մէկդի մի՛ ձգեր.
Ինծի օգնական եղար, զիս մի՛ մերժեր
Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ իմ փրկութեանս Աստուածը։
10Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն,
Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։
11Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր
Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։
12Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի՛ մատներ,
Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ
Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։
13Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ
Կենդանիներուն երկրին մէջ։
14Տէրոջը սպասէ՛։
Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։
Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 27: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.