ՍԱՂՄՈՍ 21
21
ՓԱՌՔ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ
Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։
2Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր
Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)
3Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար.
Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։
4Քեզմէ կեանք խնդրեց
Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։
5Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ.
Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։
6Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան.
Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։
7Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ
Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։
8Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ
Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։
9Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը.
Տէրը իր բարկութիւնովը #21:9 Եբր., պիտի կլլէբոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք
Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։
10Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես
Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։
11Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն,
Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել։
12Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես.
Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։
13Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։
Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 21: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: