ՍԱՂՄՈՍ 147
147
ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ
1Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը,
Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։
2Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը,
Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ,
3Սրտով կոտրածները կը բժշկէ
Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։
4Աստղերուն թիւը կը համրէ,
Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։
5Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է.
Անոր իմաստութիւնը անհուն է։
6Տէրը կը հաստատէ խեղճերը
Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։
7Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով,
Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,
8Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ,
Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար,
Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ,
9Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ
Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն։
10Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր,
Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։
11Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները
Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։
12Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը.
Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։
13Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց
Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։
14Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ
Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։
15Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ.
Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։
16Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ
Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։
17Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ.
Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։
18Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։
Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։
19Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին
Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։
20Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ,
Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜՜,
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 147: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.