YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 136

136
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
1Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2Գոհացէ՛ք աստուածներուն Աստուծմէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
3Գոհացէ՛ք տէրերուն Տէրոջմէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
4Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է,
5Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
6Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
7Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
8Արեգակը՝ որպէս զի ցորեկին իշխէ,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
9Լուսինը ու աստղերը՝ որպէս զի գիշերին իշխեն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
10 # 136:10 Եբր., Եգիպտացիները իրենց անդրանիկներուն մէջ Եգիպտացիներու անդրանիկները՝ ՝ զարնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
11Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
12Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
13Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
14Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցընողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
15Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
16Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
17Մեծ թագաւորներ զարնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
18Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
19Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
20Ու Բասանի Ովգ թագաւորը,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
21Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
22Իր Իսրայէլ ծառային՝ ժառանգութիւն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
23Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
24Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
25Բոլոր մարմիններուն հաց տուողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
26Գոհացէ՛ք երկնքի Աստուծմէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 136: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in