ՍԱՂՄՈՍ 129
129
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Աստիճաններուն երգը
1Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ.
«Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։
2Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին,
Բայց ինծի չյաղթեցին։
3Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին
Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։
4Տէրը արդար է.
Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։
5Բոլոր Սիօնը ատողները
Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.
6Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան,
Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։
7Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով,
Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։
8Անցնողները չեն ըսեր.
«Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ
Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 129: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.
ՍԱՂՄՈՍ 129
129
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Աստիճաններուն երգը
1Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ.
«Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։
2Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին,
Բայց ինծի չյաղթեցին։
3Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին
Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։
4Տէրը արդար է.
Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։
5Բոլոր Սիօնը ատողները
Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.
6Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան,
Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։
7Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով,
Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։
8Անցնողները չեն ըսեր.
«Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ
Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։
Currently Selected:
:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.