YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 119

119
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԸ
ԱԼԷՖ
1Երանի՜ ճամբով անբիծներուն,
Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։
2Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն
Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն
3Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ,
Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։
4Դուն պատուիրեցիր, որ շատ զգուշութեամբ
Քու հրամաններդ պահենք։
5Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս հաստատուին
Քու կանոններդ պահելով։
6Այն ատեն պիտի չամչնամ՝
Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ։
7Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով,
Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ։
8Քու կանոններդ պիտի պահեմ.
Զիս բոլորովին մի՛ թողուր։
ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ
ՊԷԹ
9Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։
Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։
10Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։
Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։
11Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ,
Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։
12Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր,
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
13Իմ շրթունքներովս պատմեցի
Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։
14Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ,
Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։
15Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ
Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։
16Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ
Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ
ԿԻՄԷԼ
17Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ,
Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։
18Բաց իմ աչքերս,
Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։
19Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։
Մի՛ ծածկեր ինծմէ քու պատուիրանքներդ։
20Իմ անձս կը նեղուի
Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։
21Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները,
Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները,
22Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինծմէ,
Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։
23Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին,
Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։
24Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս
Ու իմ խորհրդատուներս են։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
ՏԱԼԷԹ
25Իմ անձս հողին կը փակչի,
Կենադանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։
26Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
27Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր
Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի #119:27 Կամ, խօսիմմտածեմ։
28Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի,
Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։
29Ստութեան ճամբան հեռացուր ինծմէ
Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։
30Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի
Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։
31Քու վկայութիւններուդ յարեցայ,
Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։
32Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ,
Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։
ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
ՀԷ
33Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան
Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։
34Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ
Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։
35Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ,
Վասն զի անոր հաւնեցայ։
36Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր
Ու ո՛չ թէ ագահութեան։
37Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն
Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր։
38Հաստատէ՛ քու խօսքդ
Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ։
39Ե՛տ դարձուր ինծմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ,
Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են։
40Ահա ցանկացի քու հրամաններուդ.
Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՎԱՎ
41Ո՛վ Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ
Եւ քու փրկուիթւնդ՝ քու խօսքիդ համեմատ։
42Ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին,
Վասն զի քու խօսքիդ կը յուսամ։
43Ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի՛ հեռացներ իմ բերնէս,
Վասն զի իմ յոյսս քու դատաստանիդ վրայ է։
44Քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ,
Յաւիտեանս յաւիտենից։
45Լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ,
Քանզի քու հրամաններդ փնտռեցի։
46Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ
Եւ պիտի չամչնամ։
47Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝
Որոնք սիրեցի։
48Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի
Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ
ԶԱՅԻՆ
49Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը,
Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։
50Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է,
Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։
51Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս,
Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։
52Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի
Ու մխիթարուեցայ։
53Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝
Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։
54Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան
Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։
55Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի
Ու քու օրէնքդ պահեցի։
56Այս օրհնութիւնդ ստացայ,
Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ
ԽԷԹ
57 Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր.
Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։
58Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի.
Ողորմէ՛ ինծի քու խօսքիդ համեմատ։
59Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի
Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի։
60Քու պատուիրանքներդ պահելու
Արտորացի ու չուշացայ։
61Ամբարիշտներուն #119:61 Կամ, լարերըխումբերը զիս պատեցին,
Բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ։
62Կէս գիշերին կ’ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանելու
Քու արդար դատաստաններուդ համար։
63Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան
Ու քու հրամաններդ կը պահեն։
64Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ.
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ
ԴԷԹ
65Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր,
Քու խօսքիդ համեմատ։
66Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի,
Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։
67Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի,
Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։
68Բարի ես դուն ու բարերար։
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
69Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ,
Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։
70Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ,
Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։
71Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ,
Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։
72Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ
Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՕՏ
73Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին.
Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ։
74Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան,
Վասն զի քու խօսքիդ յուսացի։
75Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, քու դատաստաններդ արդար են
Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր։
76Հիմա թող ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ՝
Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համեմատ։
77Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ,
Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։
78Ամբարտաւանները պիտի ամչնան,
Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի,
Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ։
79Թո՛ղ ինծի դառնան քեզմէ վախցողները
Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները։
80Թո՛ղ իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ,
Որպէս զի չամչնամ։
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ՔԱՖ
81Իմ անձս քու փրկութեանդ #119:81 Եբր., կը մաշիկը կարօտի
Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։
82Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին,
Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։
83Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ,
Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։
84Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը,
Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։
85Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար,
Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։
86Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։
Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։
87Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ,
Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։
88Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս
Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ
ԼԱՄԷՏ
89Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ
Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։
90Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։
Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։
91Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր.
Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։
92Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար,
Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։
93Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ,
Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։
94Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս.
Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։
95Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն,
Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։
96Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։
Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ
ՄԷՄ
97Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։
Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։
98Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին,
Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։
99Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ,
Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։
100Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ,
Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։
101Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի,
Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ։
102Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ,
Վասն զի դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։
103Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս,
Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս։
104Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ,
Անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԷՆ՝ ԼՈՅՍ
ՆՈՒՆ
105Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է
Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։
106Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ,
Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։
107Շատ նեղացայ,
Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։
108Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր
Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։
109Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է,
Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։
110Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ,
Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։
111Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի,
Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։
112Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ
Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՄԷԽ
113Երկմիտները ատեցի,
Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։
114Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես,
Քու խօսքիդ յուսացի։
115Ե՛տ քաշուեցէք ինծմէ, ո՛վ չարագործներ,
Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։
116Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ
Եւ զիս իմ յոյսէս մի՛ ամչցներ։
117Զօրացո՛ւր զիս, որպէս զի ապրիմ
Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ։
118Անարգեցիր այն ամէնը, որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան,
Քանզի անոնց խորամանկութիւնը փուճ է։
119Դուն մետաղներու #119:119 Կամ, կղկղանքի պէս մերժեցիրկղկղանք կը համարիս՝ ՝ երկրի բոլոր ամբարիշտները,
Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ։
120Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց
Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
ԱՅԻՆ
121Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի,
Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։
122Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր.
Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։
123Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար
Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։
124Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛
Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։
125Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս,
Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։
126Տէրոջը գործելու ժամանակն է,
Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։
127Անոր համար քու պատուիրանքներդ
Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի,
128Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ
Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔ
ՓԷ
129Քու վկայութիւններդ զարմանալի են,
Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։
130Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ
Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։
131Իմ բերանս բացի ու հեւացի,
Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։
132Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի,
Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։
133Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ
Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։
134Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն
Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։
135Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ
Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
136Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս,
Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՑԱՏԷ
137Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր
Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։
138Քու պատուիրած վկայութիւններդ
Արդար ու խիստ ճշմարիտ են։
139Իմ նախանձս զիս մաշեցուց,
Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան։
140Քու խօսքդ խիստ մաքուր է,
Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ։
141Ես ցած ու անարգուած եմ,
Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։
142Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է
Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է։
143Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան,
Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են։
144Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է.
Իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ։
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԳՕՖ
145Բոլոր սրտով աղաղակեցի,
Ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։
146Քեզի աղաղակեցի, փրկէ՛ զիս
Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։
147Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի.
Քու խօսքիդ յուսացի։
148 Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս՝
Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար։
149Իմ ձայնս լսէ՛ քու ողորմութեանդ համեմատ.
Ո՛վ Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
150Անօրէնութեան հետեւողները ինծի մօտեցան.
Քանզի քու օրէնքէդ հեռացան։
151Ո՛վ Տէր, դուն մօտ ես
Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են։
152Սկիզբէն իմացած եմ քու վկայութիւններդ,
Որոնք յաւիտեան հաստատեցիր։
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ
ՐԷՇ
153Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛,
Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։
154Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս,
Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
155Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն,
Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։
156Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են,
Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
157Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս.
Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։
158Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ.
Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։
159Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ.
Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
160Քու խօսքիդ #119:160 Կամ, բովանդակութիւնըսկիզբը ճշմարտութիւն է
Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
ՇԻՆ
161Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին,
Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։
162Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ,
Շատ աւար գտնողի պէս։
163Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի,
Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։
164Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ
Քու արդար դատաստաններուդ համար։
165Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ
Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։
166Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի
Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։
167Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց
Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։
168Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի,
Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԹԱՎ
169Ո՛վ Տէր, թո՛ղ իմ աղաղակս քու առջեւդ մօտենայ
Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս։
170Թո՛ղ իմ աղաչանքս քու առջեւդ ելլէ.
Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ՛ զիս։
171Իմ շրթունքներէս օրհնութիւն պիտի բղխի,
Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։
172Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ,
Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են։
173Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ,
Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի։
174Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի
Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։
175Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ
Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի։
176Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ.
Փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 119: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in