YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 114

114
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ
Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2Յուդան՝ անոր սրբարանը
Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։
3Ծովը տեսաւ ու փախաւ։
Յորդանան ետ դարձաւ։
4Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին
Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։
5Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար
Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։
6Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք
Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։
7Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն,
Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,
8Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց
Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 114: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in