ՍԱՂՄՈՍ 104
104
ԱՐԱՐՉԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս.
Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես.
Փառք ու վայելչութիւն հագած ես.
2Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս,
Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։
3Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ,
Ամպերը իրեն կառք կ’ընէ,
Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։
4Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ
Ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։
5Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ,
Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի։
6Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով,
Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։
7Քու սաստելէդ փախան,
Քու որոտմունքիդ ձայնէն արտորալով փախան,
8Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան,
Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։
9Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին
Ու նորէն երկիրը չծածկեն։
10Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ,
Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։
11Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն
Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ’անցնեն։
12Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին,
Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։
13Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։
Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։
14Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ
Ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս,
Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն
15Ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը
Եւ #104:15 Եբր., իւղէն, կամ, իւղէն աւելիիւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ
Ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։
16Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են,
Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։
17Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն
Ու արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։
18Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են
Ու վէմերը՝ ճագարներուն։
19Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց.
Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։
20Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ’ըլլայ,
Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։
21Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար
Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն.
22Երբ արեգակը ծագի կը հեռանան
Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։
23Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործին
Ու իր ծառայութեանը կ’երթայ։
24Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ.
Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։
Երկիրը լեցուած է քու #104:24 Կամ, ստացուածքներովդստեղծածներովդ։
25Այս ծովը մեծ ու լայն է,
Հոն անթիւ սողացողներ,
Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։
26Հոն նաւերը կը քալեն
Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։
27Ամէնքը քեզի կը սպասեն,
Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։
28Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։
Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։
29 Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին.
Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին
Եւ իրենց հողը կը դառնան։
30Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կ’ստեղծուին
Ու երկրին երեսը կը նորոգես։
31Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ.
Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։
32Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ.
Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։
33Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ.
Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։
34Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։
Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։
35Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին
Ու ամբարիշտները ոչնչանան։
Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 104: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.