YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 102

102
ՉԱՐՉԱՐՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Վշտալիին աղօթքը՝ երբ սիրտը կը մարի ու գանգատը Տէրոջը առջեւ կը թափէ
1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս
Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։
2Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը,
Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ,
Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։
3Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան
Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։
4Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ,
Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։
5Հառաչանքիս ձայնէն
Ոսկորներս մարմնիս փական։
6Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ,
Աւերակներուն բուին պէս եղայ։
7Անքուն մնացի ու նման եղայ
Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։
8Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն,
Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ’ընեն։
9Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ
Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝
10Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝
Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։
11Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան
Ու ես խոտի պէս չորցայ։
12Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս
Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
13Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս.
Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու,
Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։
14Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին
Ու անոր հողին կը գթան։
15Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն
Ու երկրի բոլոր թագաւորները քու փառքէդ։
16Տէրը պիտի շինէ Սիօնը,
Իր փառքովը պիտի երեւնայ։
17Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ
Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։
18Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։
Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։
19Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։
Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ,
20Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ
Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։
21Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն
Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ,
22Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները
Մէկտեղ հաւաքուին՝
Տէրոջը ծառայելու համար։
23Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ
Ու իմ օրերս կարճըցուց։
24Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս,
Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։
Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։
25Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր
Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
26Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։
Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին,
Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք
Ու պիտի փոխուին։
27Բայց դուն նոյնն ես
Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։
28Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին
Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 102: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in