ԱՌԱԿԱՑ 5
5
ՇՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
1Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս
Եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր,
2Որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիս
Եւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ։
3Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի
Ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է.
4Բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն
Ու երկսայրի թուրի պէս հատու է։
5Անոր ոտքերը մահուան կը տանին
Ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։
6Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չերթար,
Իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ,
Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես։
7Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք
Ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիք։
8Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուր
Ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար.
9Չըլլայ որ քու փառքդ՝ ուրիշներու
Եւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս։
10Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանան
Ու քու վաստակդ օտարներուն տունը մտնէ
11Եւ քու վերջին ատենդ հառաչես,
Երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին
12Ու ըսես՝ «Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցի
Ու իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց
13Եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքին մտիկ չըրի
Ու իմ ականջս դաստիարակողներուն չտուի,
14Ժողովրդային հաւաքոյթի մէջ
Ծայր աստիճան թշուառութեան հանդիպեցայ»։
15Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ
Եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն։
16Քու աղբիւրներդ դուրսը թող տարածուին,
Ինչպէս ջուրերու վտակները՝ հրապարակներուն մէջ։
17Անոնք միայն քուկդ թող ըլլան,
Ու ո՛չ թէ՝ քուկդ եւ օտարներուն։
18Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ
Եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։
19Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս
Եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։
Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն
Ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ։
20Եւ ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս
Ու օտար կնոջ կուրծքը գրկես։
21Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են
Ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ։
22Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի
Ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։
23Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի
Ու իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.