YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 3

3
ՅՈՐԴՈՐԱՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ
1Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս,
Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ.
2Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ
Եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։
3Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն.
Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ,
Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։
4Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ
Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։
5Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ
Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։
6Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր
Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։
7Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար,
Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։
8Ասիկա քու #3:8 Կամ, պորտիդջիղերուդ առողջութիւն
Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ։
9Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով
10Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին
Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։
11Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր
Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար.
12Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ,
Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։
13Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ
Ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ.
14Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է
Ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։
15Անիկա #3:15 Կամ, բուստերէնգոհարներէն պատուական է
Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
16Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն
Եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։
17Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են
Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։
18Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է
Ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան։
19Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը
Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։
20Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռին
Ու ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։
21Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան,
Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ
22Եւ քու հոգիիդ՝ կեանք
Ու քու պարանոցիդ #3:22 Եբր., շնորհքզարդ թող ըլլան։
23Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես
Եւ քու ոտքդ պիտի չսահի։
24Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս
Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։
25Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն,
Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն #3:25 Կամ, արշաւանքէնկորուստէն, երբ գայ,
26Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ
Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։
27Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ,
# 3:27 Եբր., Անոր տէրերէն Կարօտ եղողէն՝ ՝ մի՛ խնայեր զանիկա։
28Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր
Եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։
29Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր,
Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։
30Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր,
Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։
31Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր
Ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր,
32Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է,
Բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։
33Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ,
Բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։
34Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ,
Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։
35Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն,
Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 3: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in