YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 25

25
1Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին։
2Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է,
Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է։
3Երկնքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը
Եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր։
4Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքը
Ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ։
5Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտը
Ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի։
6Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր
Եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար,
7Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ «Հո՛ս, վեր ելիր»,
Քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ։
8 # 25:8 Կամ, Դատի Կռիւի համար շուտով դուրս մի՛ ելլեր.
Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ,
Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս։
9Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛,
Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ,
10Որպէս զի լսողը քեզ չանարգէ
Ու գէշ անունդ անջնջելի մնայ։
11Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը
Արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի։
12Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին՝
Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է։
13Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներուն
Հունձքի ատեն ձիւնին զովութեանը պէս է
Եւ իր տիրոջը հոգին կը զովացնէ։
14Սուտ #25:14 Եբր., պարգեւիառատաձեռնութեան վրայ պարծենցողը
Անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։
15Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի
Եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ։
16Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր,
Չըլլայ որ յագենաս ու զանիկա փսխես։
17Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ,
Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ։
18Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողը
Լախտի, սուրի եւ սրած նետի պէս է։
19Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը
Փշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է։
20Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողը
Ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին
Կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի։
21Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր
Ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր։
22Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես
Եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ։
23Հիւսիսային հովը ամպեր #25:23 Կամ, կը յարուցանէկը հաւաքէ
Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու։
24Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ,
Քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ։
25Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ ծարաւցած մարդուն,
Այնպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը։
26Չար մարդուն առջեւ ինկող արդարը
Տղմուտ աղբիւրի ու պղտորած ակի կը նմանի։
27Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ,
Եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ։
28Իր ոգին չզսպող մարդը՝
Փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 25: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in