ԱՌԱԿԱՑ 10
10
1Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ,
Բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է։
2Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ,
Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
3Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր,
Բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ։
4Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ,
Բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ։
5Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է,
Հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ։
6Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան,
Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։
7Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ,
Բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի։
8Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը պահէ,
Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։
9Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ,
Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։
10Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ
Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։
11Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է,
Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։
12Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ,
Բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ։
13Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի,
Բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է։
14Իմաստունները գիտութիւն կը հաւաքեն,
Բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է։
15Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է,
Բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է։
16Արդարին գործը կեանքի համար է,
Իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է։
17Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է,
Բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի։
18Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի
Ու բամբասանք հանողը անմիտ է։
19Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ,
Բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է։
20Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։
Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի։
21Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն,
Բայց յիմարները խելքի պակասութենէ կը մեռնին։
22Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ
Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։
23Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է,
Բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը։
24Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ,
Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։
25Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ,
Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի։
26Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն,
Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է։
27Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ,
Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։
28Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է,
Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի։
29Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է,
Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է։
30Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան,
Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։
31Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխեցնէ,
Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։
32Արդարին շրթունքները հաճելի բանը գիտեն,
Բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.