YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 21

21
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ ու ըսէ անոնց. Քահանայ մը մէկուն մահուանը համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ. 2Բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն իր մօրն ու հօրը եւ իր որդիին ու իր աղջկան եւ իր եղբօրը համար 3Եւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտն է ու էրկան տրուած չէ, կրնայ անմաքուր ըլլայ։ 4Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր թող չըլլայ՝ ինքզինք պղծելով։ 5Անոնք գլուխնին փետտելով թող կնտակ չըլլան եւ իրենց մօրուքին եզերքը չարծիլեն ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ չընեն։ 6Սուրբ թող ըլլան իրենց Աստուծոյն եւ իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն, վասն զի Տէրոջը պատարագներն ու իրենց Աստուծոյն հացը իրենք կը մատուցանեն. ուստի սուրբ պէտք է ըլլան։ 7Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն եւ իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն։ 8Ուստի սրբէ՛ զանիկա, վասն զի քու Աստուծոյդ հացը ան կը մատուցանէ. ան սուրբ ըլլայ քեզի, քանզի ես Տէրս, որ ձեզ կը սրբեմ, սուրբ եմ։ 9Եւ եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկութիւն ընելով պղծուելու ըլլայ, իր հայրը պղծուած կ’ըլլայ. անիկա կրակով պէտք է այրուի։
10Իր եղբայրներէն մեծ եղող քահանան, որուն գլխուն վրայ օծման իւղը թափուած է ու օրհնուած է զգեստներ հագնելու, իր գլուխը պէտք չէ բանայ եւ իր լաթերը պէտք չէ պատռէ 11Եւ մեռած մարդու մը քով պէտք չէ երթայ, ո՛չ ալ իր հօրը կամ իր մօրը համար անմաքուր ըլլայ։ 12Եւ սրբարանէն դուրս պէտք չէ ելլէ ու իր Աստուծոյն սրբարանը պէտք չէ պղծէ, վասն զի իր Աստուծոյն օծման իւղին պսակը իր վրայ է։ Ես եմ Տէրը։ 13Եւ անիկա կոյս մը կնութեան պէտք է առնէ։ 14Որբեւարի կամ արձակուած կամ պղծուած կամ բոզ պէտք չէ առնէ. հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը առնելու է իբր կին, 15Որպէս զի իր սերմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, վասն զի ես եմ Տէրը, որ կը սրբեմ զանիկա»։
16Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17«Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ. Քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ Աստուծոյն հացը մատուցանելու. 18Վասն զի արատ ունեցող մարդ մը բնաւ պէտք չէ մօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ կարճունչը, կամ #21:18 Կամ, ականջապատըիր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը՝ ՝, 19Կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը, 20Կամ սապատողը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքիւնոտը, կամ #21:20 Կամ, ամորձիքը ճմլուածը կամ, միորձինփոշտանկը. 21Ահարոն քահանային սերունդէն արատ մը ունեցող մարդը Տէրոջը պատարագները մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ, քանզի արատաւոր ըլլալով՝ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ։ 22Անիկա իր Աստուծոյն հացը պիտի ուտէ, թէ՛ սրբութիւն սրբութեանց բաներէն եւ թէ՛ սուրբ բաներէն. 23Միայն վարագոյրին կամ սեղանին պէտք չէ մօտենայ, վասն զի արատ ունի, որ իմ սուրբ բաներս չպղծէ, քանզի զանոնք սրբող Տէրը՝ ես եմ»։ 24Եւ Մովսէս խօսեցաւ այս բաները Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 21: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy