YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 7

7
1«Միթէ մարդս երկրի վրայ պատերազմի ասպարէզ չունի՞
Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն։
2Ինչպէս ծառան իրիկուան շուքին կը փափաքի
Ու վարձկանը իր վարձքին կ’սպասէ,
3Այնպէս ունայնութեան ամիսներ բաժին տրուած են
Ու թշուառութեան գիշերներ ինծի համար որոշուած են։
4Պառկած ատենս կ’ըսեմ. ‘Ե՞րբ պիտի ելլեմ
Ու գիշերը ե՞րբ պիտի անցնի’։
Մինչեւ արշալոյս անհանգստութեամբ լեցուած եմ։
5Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է։
Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի։
6Օրերս ոստայնանկին կկոցէն արագ կ’անցնին
Ու կը սպառին առանց յոյսի։
7Յիշէ՛ թէ կեանքս հովի պէս է.
Աչքս ասկէ յետոյ բարիք պիտի չտեսնէ։
8Զիս տեսնողին աչքերը նորէն զիս պիտի չտեսնեն։
Քու աչքերդ իմ վրաս կը նային ու ես բնաջինջ կ’ըլլամ։
9 Ինչպէս ամպը կը ցրուի կ’երթայ,
Այնպէս գերեզմանը իջնողը պիտի չելլէ.
10Անիկա ա՛լ իր տունը պիտի չդառնայ
Ու իր բնակարանը ա՛լ զանիկա պիտի չճանչնայ։
11Ուստի ես իմ բերանս պիտի չզսպեմ.
Հոգիիս նեղութիւնովը պիտի խօսիմ,
Սրտիս դառնութիւնովը պիտի գանգատիմ։
12Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ կէ՞տ,
Որ իմ վրաս պահապաններ կը դնես։
13Երբ ես կ’ըսեմ՝ ‘Անկողինս զիս պիտի մխիթարէ
Ու մահիճս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ’,
14Զիս երազներով կը վախցնես
Ու ցնորքներով կը զարհուրեցնես։
15Ուստի աւելի կ’ընտրեմ խեղդուիլ ու մեռնիլը,
Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը։
16Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ։
Ինծմէ ե՛տ կեցիր, վասն զի իմ օրերս ունայնութիւն են։
17Մարդը ո՞վ է, որ դուն զանիկա մեծ բան մը կը համարես
Ու անոր հոգ կը տանիս։
18Ամէն առտու զանիկա կը դիտես,
Ամէն վայրկեան կը փորձես։
19Մինչեւ ե՞րբ ինծմէ ետ պիտի չկենաս.
Թուքս կլլելու չա՞փ ալ թող չես տար։
20Եթէ մեղանչեմ, քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ մարդիկը Քննող.
Ինչո՞ւ համար զիս քու նշանակէտդ ըրիր ու ես ինծի բեռ եղայ։
21Եւ ինչո՞ւ մեղքս չես ներեր
Ու իմ անօրէնութիւնս չես վերցներ։
Հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ
Ու առաւօտուն եթէ զիս փնտռես՝ պիտի չգտնուիմ»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 7: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in