ՅՈԲԱՅ 3
3
ՅՈԲԻՆ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
1Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր օրը անիծեց։ 2Յոբ #3:2 Եբր., պատասխան տուաւխօսեցաւ ու ըսաւ.
3«Կորսուի այն օրը, որուն մէջ ես ծնայ,
Այն գիշերը, որուն մէջ ըսին թէ ‘Արու զաւակ մը #3:3 Եբր., արգանդի մէջ գոյացաւծնաւ’։
4Այն օրը խաւար ըլլայ
Ու Աստուած չփնտռէ զանիկա վերէն
Ու երբեք լոյս չծագի անոր վրայ։
5Խաւարն ու մահուան շուքը #3:5 Կամ, պղծենիրենց սեփականացնեն զանիկա,
Ամպը ծածկէ զանիկա,
Օրուան մթութիւնը վախցնէ զանիկա։
6Այն գիշերը մառախուղը պաշարէ.
Անիկա տարուան օրերուն #3:6 Կամ, մէջ չուրախանայհետ չմիաւորուի՝ ՝
Ու ամիսներուն մէջ չհամրուի։
7Ահա այն գիշերը թող ամայի մնայ
Ու անոր մէջ ուրախութեան ձայն չմտնէ։
8Օրը անիծողները թող անիծեն զանիկա,
Որոնք պատրաստ են #3:8 Եբր., Լեւիաթանըվիշապը արթնցնելու։
9Անոր գիշերուան աստղերը աղօտանան.
Լոյսին սպասէ ու չունենայ.
Արշալոյսին #3:9 Եբր., թարթիչներըճառագայթները չտեսնէ.
10Վասն զի մօրս արգանդին դռները չգոցեց
Ու տառապանքը աչքերէս չծածկեց։
11Ինչո՞ւ համար մօրս արգանդին մէջ չմեռայ
Ու որովայնէն ելածիս պէս չկորսուեցայ։
12Ինչո՞ւ ծունկերը ընդունեցին զիս
Ու ինչո՞ւ ստինք տուին ինծի, որ ես ծծեմ։
13Վասն զի հիմա պառկած կը հանգչէի ու կը քնանայի.
Այն ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի՝
14Իրենց համար աւերակներ շինող
Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ,
15Կամ ոսկի ունեցող իշխաններուն հետ,
Որոնք տուներնին արծաթով կը լեցնէին.
16Կամ թէ գաղտուկ վիժածի մը պէս կ’ոչնչանայի,
Այն երախաներուն պէս՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան։
17Հոն չարերը մարդ տանջելէն կը դադարին
Եւ հոն ուժէ ինկածները կը հանգստանան։
18Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին
Ու ա՛լ չեն լսեր հարկապահանջին ձայնը։
19Պզտիկն ու մեծը հոն են,
Ծառան իր տիրոջմէն ազատ է։
20Ինչո՞ւ համար թշուառութեան մէջ եղողին՝ լոյս
Ու դառնահոգիներուն կեանք տրուի,
21Որոնք մահուան կը սպասեն ու անիկա չի գար
Ու պահուած գանձերէն աւելի զանիկա կը փնտռեն.
22Գերեզմանը գտած ժամանակնին
Խիստ ուրախ կ’ըլլան ու կը ցնծան։
23 Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի մարդու մը, որուն ճամբան գոցուած է
Ու Աստուած շրջապատած է զանիկա ամէն կողմէն։
24Որովհետեւ կերակուր ուտելէս առաջ իմ հեծութիւնս կու գայ
Ու իմ աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին։
25Վասն զի ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի, ան ինծի հանդիպեցաւ
Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի, ա՛ն ինծի հասաւ։
26Ո՛չ խաղաղութիւն ունիմ, ո՛չ հանգստութիւն
Եւ ո՛չ հանդարտութիւն. բայց թշուառութիւնը իմ վրաս կու գայ»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 3: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.