ՅՈԲԱՅ 26
26
1Այն ատեն Յոբ պատասխանեց.
2«Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր
Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր։
3Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր
Ու ի՞նչ իմաստութիւն ցուցուցիր։
4Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը
Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ։
5Ոգիները վարէն կը դողան,
Նաեւ ջուրերն ու անոնց բնակիչները։
6Դժոխքը բաց է անոր առջեւ
Ու կորուստը անծածկոյթ է։
7Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ
Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ։
8Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ
Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։
9Իր աթոռին երեսը կը պահէ,
Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։
10Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ
Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։
11Երկնքի սիւները կը սարսին
Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին։
12Իր զօրութիւնովը ծովը #26:12 Կամ, կը յանդիմանէկը խաղաղեցնէ
Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ։
13Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց։
Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց։
14Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը,
Բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է.
Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 26: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.