ՅՈԲԱՅ 24:22-24
ՅՈԲԱՅ 24:22-24 WARMB
Անիկա իր ուժովը զօրաւորներուն կեանքը կ’երկարաձգէ, Իսկ երբ ելլէ, մէկո՛ւն կեանքի ապահովութիւն չկայ։ Աստուած անոր ապահովութիւն կու տայ, որպէս զի իրեն վստահի, Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են։ Քիչ մը բարձրացան ու ոչինչ եղան, Ամենուն պէս ընկղմելով կորսուեցան Ու հասկի պէս կտրուեցան։




