ՅՈԲԱՅ 1
1
ՍԱՏԱՆԱՆ ՅՈԲԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ
1 # 1:1 Տես Ծննդ. 22:20, 21 Հուս երկրին մէջ Յոբ անունով մարդ մը կար։ Այն մարդը կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր։ 2Անոր եօթը տղայ ու երեք աղջիկ ծնան։ 3Անոր ստացուածքը եօթը հազար ոչխար ու երեք հազար ուխտ եւ հինգ հարիւր զոյգ եզ ու հինգ հարիւր մատակ էշ էր ու խիստ շատ ծառաներ ունէր։ Այն մարդը բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր։
4Անոր տղաքը կ’երթային ու ամէն մէկը իր օրը տուներնին հացկերոյթ կ’ընէին եւ մարդ ղրկելով երեք քոյրերնին կը հրաւիրէին, որպէս զի իրենց հետ ուտեն ու խմեն։ 5Երբ հացկերոյթին օրերը կը լմննային, Յոբ #1:5 Եբր., կը ղրկէրկանչել կու տար՝ ՝ զանոնք ու կը սրբէր եւ առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թուովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. «Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին»։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ։
6Արդ՝ օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։ 7Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր վրայ պտըտելէն»։ 8Տէրը ըսաւ Սատանային. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ 9Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։ 10Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ 11Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ 12Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Այն ժամանակ Սատանան Տէրոջը առջեւէն գնաց։
ՅՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՈՒԵՑԱՆ
13Օր մը Յոբին տղաքն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին։ 14Պատգամաբեր մը եկաւ Յոբին ու ըսաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածուէին, 15Սեբայեցիները յարձակեցան ու զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ. որպէս զի քեզի պատմեմ»։ 16Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց եւ միայն ես ազատեցայ եւ եկայ որ քեզի պատմեմ»։ 17Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիները երեք գունդի բաժնուած՝ ուղտերուն վրայ յարձակեցան եւ զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։ 18Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին, 19Ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։
20Այն ատեն Յոբ ելաւ, իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ 21Ու ըսաւ. «Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ։ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ 22Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: