ԵՍԱՅԵԱՅ 65
65
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԱՊՍՏԱՄԲՆԵՐՈՒՆ
1 Զիս չհարցնողներէն փնտռուեցայ,
Զիս չխնդրողներէն գտնուեցայ։
Իմ #65:1 Կամ, անունովս չկանչուածանունս չկանչող՝ ՝ ազգին
«Ահա հոս եմ, ահա հոս եմ», ըսի։
2Ամէն օր իմ ձեռքերս երկնցուցի ապստամբ ժողովուրդի մը,
Որոնք այնպիսի ճամբու մէջ կը քալեն, որ աղէկ չէ
Եւ իրենց խորհուրդներուն կը հետեւին։
3Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ միշտ երեսիս դէմ զիս կը բարկացնէ.
Պարտէզներու մէջ կը զոհեն,
Աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն,
4Գերեզմաններու մէջ կը նստին,
Գիշերը առանձին տեղերը կ’անցընեն,
Խոզի միս կ’ուտեն,
Իրենց ամաններուն մէջ գարշելի բաներու արգանակ կայ։
5Անոնք կ’ըսեն.
«Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր,
Քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ»։
Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են
Ու ամէն օր բորբոքած կրակ են։
6Ահա իմ առջեւս գրուած է.
«Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ։
Այո՛, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ
7Ձեր անօրէնութիւնները՝ ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ մէկտեղ,
Որոնք լեռներու վրայ խունկ ծխեցին
Ու բլուրներուն վրայ զիս անարգեցին, կ’ըսէ Տէրը,
Ուստի անոնց առաջուան գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի լեցնեմ»։
8Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Զոր օրինակ երբ ողկոյզի մը վրայ քաղցու գտնուի, կ’ըսեն՝
‘Ատիկա մի՛ կորսնցներ,
Քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ’։
Ես ալ իմ ծառաներուս համար այնպէս պիտի ընեմ,
Որպէս զի ամէնքը չկորսնցնեմ։
9Յակոբէն՝ սերունդ,
Յուդայէն իմ լեռներուս ժառանգորդ պիտի հանեմ։
Իմ ընտրեալներս այն երկիրը պիտի ժառանգեն։
Իմ ծառաներս հոն պիտի բնակին։
10Զիս փնտռող ժողովուրդիս համար Սարօն՝ հօտերու փարախ
Եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղի պիտի ըլլայ։
11Քանի որ դուք Տէրը թողուցիք
Ու իմ սուրբ լեռս մոռցաք,
# 65:11 Կամ, Բաղդին Գաղ կուռքին՝ ՝ սեղան պատրաստեցիք
Ու #65:11 Կամ, ՃակատագրինՄենիին #65:11 Եբր., խառնուածքթափելու նուէր՝ ՝ լեցուցիք,
12Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ
Եւ ամէնքդ պիտի ծռիք մորթուելու համար.
Քանզի կանչեցի ու պատասխան չտուիք,
Խօսեցայ ու մտիկ չըրիք,
Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրիք
Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։
13Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն,
Բայց դուք անօթի պիտի մնաք։
Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն,
Բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։
Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան,
Բայց դուք պիտի ամչնաք։
14Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան,
Բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք
Եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք։
15Ձեր անունը իմ ընտրածներուս անէծքի համար պիտի թողուք։
Տէր Եհովան քեզ պիտի մեռցնէ
Ու իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կանչէ,
16Որպէս զի երկրի վրայ օրհնուողը
Ճշմարիտ Աստուծմով օրհնուի
Ու երկրի վրայ երդում ընողը
Ճշմարիտ Աստուծմով երդում ընէ։
Քանզի առաջուան նեղութիւնները մոռցուեցան
Ու անոնք իմ աչքերէս ծածկուեցան։
ՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
17Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ
Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։
18Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս
Յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք.
Վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար
Ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ։
19Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ
Ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։
Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի։
20Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ,
Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ,
Քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի
Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի։
21Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին,
Այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
22Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին,
Անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն.
Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան
Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։
23Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին
Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին.
Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են
Ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։
24Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ,
Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։
25Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։
Առիւծը արջառին պէս յարդ պիտի ուտէ։
Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։
Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն
Ու պիտի չապականեն», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 65: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.