ԵՍԱՅԵԱՅ 59
59
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵՂՔԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
1Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել,
Կամ անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ։
2Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը
Ձեր անօրէնութիւնները եղան։
Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։
3Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով
Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պղծուեցան։
Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան
Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին։
4Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ
Ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ.
Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին.
Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին։
5Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն
Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։
Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի,
Եթէ կոտրեն՝ իժ կ’ելլէ։
6Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար
Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել։
Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են
Ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ։
7Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն
Ու անմեղ արիւն թափելու կ’արտորան։
Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են,
Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։
8Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար
Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։
Իրենց շաւիղները խոտորցուցին.
Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆՑ ՄԵՂՔԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՆ
9Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ
Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր.
Լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ’ըլլայ,
Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մառախուղի մէջ կը շրջինք։
10Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք
Ու աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք։
Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք.
# 59:10 Կամ, Պարարտներուն մէջ, եւ կամ, Թանձր խաւարին մէջ Պտղաբեր արտերու մէջ՝ ՝ մեռելներու պէս ենք։
11Ամէնքս արջերու պէս կը մրթմրթանք
Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք.
Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ.
Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռու է։
12Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան
Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան,
Վասն զի մեր յանցանքները մեր քովն են
Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։
13Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք
Եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք։
Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն յառաջացուցինք,
Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք՝
14Իրաւունքը ետ դարձաւ
Ու արդարութիւնը հեռացաւ,
Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ
Եւ ուղղութիւնը չի կրնար ներս մտնել։
15Ճշմարտութիւնը կը պակսի,
Չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի։
ՏԷՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ,
Քանզի իրաւունք չմնաց։
16Տեսաւ, որ մարդ մը չկար
Եւ զարմացաւ, որ միջնորդ մը չէր գտնուեր,
Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց
Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ։
17Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ,
Փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ
Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ
Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ։
18 Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ։
Բարկութիւն՝ իր հակառակորդներուն,
Հատուցում՝ իր թշնամիներուն,
# 59:18 Կամ, Հեռաւոր երկիրներուն Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ։
19Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն,
Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան.
Երբ թշնամին գետի պէս գայ,
Տէրոջը Հոգին #59:19 Կամ, զանիկա պիտի հալածէանոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ՝ ՝։
20«Փրկիչ պիտի գայ Սիօնին
Ու Յակոբին մէջ չարութենէ դարձողներուն», կ’ըսէ Տէրը։
21«Անոնց հետ այս ուխտը պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։
«Իմ Հոգիս, որ քու վրադ է
Ու իմ խօսքերս, որոնք քու բերանդ դրած եմ,
Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն
Եւ քու զաւակներուդ զաւակներուն բերնէն պիտի չպակսին,
Այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 59: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.