ԵՍԱՅԵԱՅ 52
52
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ
1Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, քու զօրութիւնդ հագիր, ո՛վ Սիօն.
Քու փառաւոր հանդերձներդ հագիր, ո՛վ Երուսաղէմ սուրբ քաղաք.
Քանզի անգամ մըն ալ անթլփատ ու պիղծ մէկը քու մէջդ պիտի չմտնէ։
2Փոշին քեզմէ թօթուէ՛,
Ել նստէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ.
Քու պարանոցիդ կապերը քակէ՛
Ո՛վ Սիօնի գերի աղջիկ։
3Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ձրի ծախուեցաք
Եւ առանց ստակի պիտի փրկուիք»։
4Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Իմ ժողովուրդս առաջ Եգիպտոս իջաւ,
Որպէս զի հոն պանդխտանայ
Ու Ասորեստանցիները առանց պատճառի ճնշեցին»։
5«Հիմա հոս ի՞նչ ունիմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ իմ ժողովուրդս պարապ տեղ քշուեցաւ»։
«Անոր իշխողները կ’ողբան, կ’ըսէ Տէրը
Ու ամէն օր իմ անուանս կը հայհոյեն»։
6«Ասոր համար իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս.
Ասոր համար այն օրուան մէջ պիտի գիտնայ,
Թէ ես ա՛ն եմ, որ կը խօսէի։ Ահա ես եմ»։
7Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը,
Որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ,
Բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ
Ու Սիօնին կ’ըսէ՝ «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։
8Քու պահապաններդ ձայն պիտի բարձրացնեն,
Ցնծութեան ձայնով միաբերան պիտի երգեն.
Քանզի՝ երբ Տէրը Սիօնը ետ դարձնէ՝
Անոնք #52:8 Կամ, դէմ յանդիման իրար. Եբր., աչք աչքիյայտնապէս պիտի տեսնեն։
9Ո՛վ Երուսաղէմի աւերակներ,
Ցնծութեան ձայնով մէկտեղ աղաղակեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը մխիթարեց
Ու Երուսաղէմը փրկեց։
10Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց
Բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ
Ու երկրին բոլոր ծայրերը
Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն։
11Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք,
Պիղծ բանի մի՛ դպչիք,
Անոր մէջէն ելէ՛ք.
Մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ։
12Քանզի ո՛չ թէ արտորալով պիտի ելլէք
Եւ ո՛չ թէ փախչելով պիտի երթաք,
Հապա Տէրը ձեր առջեւէն պիտի երթայ,
Իսրայէլին Աստուածը ձեզի թիկնապահ պիտի ըլլայ։
ՏԱՌԱՊՈՂ ԾԱՌԱՆ
13Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ
Եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի։
14Որքա՜ն շատեր #52:14 Եբր., քու վրադանոր վրայ՝ ՝ ապշեցան,
(Անոր երեսը մարդու երեսէն
Ու կերպարանքը մարդու որդիներուն կերպարանքէն աւելի աւրուած ըլլալուն համար)
15Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ,
Թագաւորները անոր առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն,
Վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն
Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 52: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.