ԵՍԱՅԵԱՅ 44
44
ՄԻԱՅՆ ՏԷՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾ Է
1«Հիմա մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ
Ու դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս։
2Քեզ ստեղծող եւ արգանդի մէջ ձեւակերպող
Ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ
Եւ դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս, մի՛ վախնար.
3Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ
Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։
Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ
Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։
4Անոնք իբր թէ՝ խոտերու պէս,
Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին։
5Մէկը պիտի ըսէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’.
Մէկն ալ Յակոբին անունովը պիտի կանչուի,
Միւսն ալ իր ձեռքովը պիտի գրէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’
Ու Իսրայէլին անունովը պիտի մականուանուի»։
6Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը
Եւ զօրքերու Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը,
Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։
7Հին ժողովուրդը հաստատելէս ի վեր
Ո՞վ կրցաւ ինծի ձայն տալ ու պատմել,
Ասիկա ինծի համար կարգի դնել.
Թող ըսեն գալու եւ ըլլալու բաները։
8Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք.
Միթէ ես ձեզի այն ատենէն չգիտցուցի՞ ու չյայտարարեցի՞
Թէ իմ վկաներս դուք էք։
Ինծմէ զատ Աստուած կա՞յ.
Յիրաւի ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ գիտեր»։
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵԳՆՈՒԻ
9Բոլոր կուռք շինողներն ալ ունայնութիւն են,
Անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ,
Իրենք իրենց դէմ վկաներ են.
Չեն տեսներ ու չեն իմանար, որ ամչնան։
10 Բայց ո՞վ է անիկա որ աստուած կը շինէ,
Կուռք կը ձուլէ, որ օգուտ մը չ’ըներ։
11Ահա անոր բոլոր ընկերները պիտի ամչնան,
Վասն զի արուեստագէտները՝ իրենք մարդ են.
Թող անոնք ամէնքը հաւաքուին ու կայնին։
Պիտի վախնան ու մէկտեղ պիտի ամչնան։
12Երկաթագործը ածուխի վրայ կը շինէ տապարը,
Կռաններով անոր ձեւ կու տայ,
Զանիկա իր զօրաւոր բազուկովը կը շինէ։
Երբ անօթենայ, ուժէ կը կտրի.
Երբ ջուր չխմէ, կը մարի։
13Հիւսնը լար կը քաշէ եւ մատիտով կուռքը կը գծագրէ,
Զանիկա քանդակագործի գրիչով կը քանդակէ,
Անոր վրայ կարկինով կը գծէ,
Զանիկա մարդու կերպարանքով
Եւ մարդկային գեղեցկութիւնով կը շինէ,
Որպէս զի տան մէջ դրուի։
14Անիկա իրեն եղեւիններ կը կտրէ
Եւ թեղօշ ու կաղնի կ’առնէ,
Զանոնք անտառի ծառերէն կ’ընտրէ։
Սոճի կը տնկէ եւ անձրեւը զանիկա կը մեծցնէ։
15Անոնք մարդուն վառելիք կ’ըլլան.
Անոնցմէ կ’առնէ, որպէս զի կրակ վառէ ու տաքնայ.
Անոնց մէկ մասը կ’այրէ ու հաց կ’եփէ,
Նաեւ աստուած մը կը շինէ եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընէ։
Անկէ կուռք կը շինէ ու կը պաշտէ։
16Անոր կէսը կրակի մէջ կը վառէ,
Կէսին վրայ հաց ու
Խորոված կ’եփէ ու կը կշտանայ,
Կը տաքնայ ու կ’ըսէ.
«Ահա տաքցայ, կրակը տեսայ»։
17Անոր մնացածով աստուած՝ այսինքն կուռք կը շինէ իրեն,
Զանիկա կը պաշտէ ու անոր երկրպագութիւն կ’ընէ,
Անոր աղօթք կ’ընէ ու կ’ըսէ.
«Զիս ազատէ՛, քանզի իմ աստուածս դո՛ւն ես»։
18Չեն գիտեր ու չեն հասկնար,
Քանզի անոնց աչքերը՝ տեսնելէ
Եւ անոնց սրտերը հասկնալէ դադրեցան։
19Ոեւէ մէկը միտքը չի բերեր
Եւ գիտութիւն ու հանճար չունի, որ ըսէ.
«Ասոր կէսը կրակի մէջ վառեցի,
Անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի.
Միս խորովեցի ու կերայ
Եւ մնացածն ալ պիղծ բա՞ն շինեմ,
Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ»։
20Անիկա մոխիրով կը սնանի,
Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ
Եւ իր հոգին չի կրնար փրկել ու չի հարցներ.
«Իմ աջ ձեռքիս մէջ ստութիւն չկա՞յ»։
ՏԷՐԸ. ԱՐԱՐԻՉԸ. ՓՐԿԻՉԸ
21Ասոնք միտքդ բեր, ո՛վ Յակոբ
Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանզի իմ ծառաս ես.
Ես ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես։
Ո՛վ Իսրայէլ, #44:21 Կամ, զիս մի՛ մոռնարքեզ պիտի չմոռնամ՝ ՝։
22Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս
Ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։
Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի։
23Ուրա՛խ եղէք, ո՛վ երկինք, քանզի Տէրը ըրաւ ասիկա։
Ո՛վ երկրի վարի կողմեր, ցնծութեամբ աղաղակեցէք.
Լեռնե՛ր, անտա՛ռ ու անոր մէջ եղող բոլո՛ր ծառեր,
Ուրախութեան ձայներ հանեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը
Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ։
24Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ
Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը.
«Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։
Երկինքը միայն ե՛ս տարածեցի
Ու երկիրը իմ ուժովս հաստատեցի։
25Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ
Եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ,
Իմաստունները ե՛տ կը դարձնեմ
Ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը փոխեմ։
26Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ
Եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ։
Ե՛ս եմ, որ Երուսաղէմի համար կ’ըսեմ, թէ ‘Պիտի բնակուի’
Ու Յուդայի քաղաքներուն համար՝ թէ ‘Պիտի շինուին
Ու անոր աւերակները պիտի վերաշինեմ’։
27Անդունդին կ’ըսեմ թէ ‘Չորցի՛ր
Ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ’։
28Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ ‘Իմ հովիւս է
Ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։
Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’
Եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 44: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.