ԵՍԱՅԵԱՅ 37
37
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ
(Դ. Թագ. 19:1-7)
1Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ. 2Պալատին հազարապետը՝ Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսին որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։ 3Անոնք անոր ըսին. «Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։ 4Կարելի է քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ իր լսած խօսքերուն համար պիտի յանդիմանէ։ Ուրեմն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛’»։ 5Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։ 6Ու Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։ 7Ահա ես անոր վրայ ոգի մը կը ղրկեմ ու լուր մը լսելով՝ իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սուրով պիտի կործանեմ’»։
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈՒՐԻՇ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՄԸ ԿԸ ՂՐԿԵՆ
(Դ. Թագ. 19:8-19)
8Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնային հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր որ Լաքիսէն չուեր է։ 9Սենեքերիմ Եթովպիացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց թէ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Երբ ասիկա լսեց, Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. 10«Յուդային Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ, որպէս զի Երուսաղէմը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը չտրուի։ 11Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։ 12Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովղանին, Խառանին, Ռեսեփին ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։ 13Ո՞ւր է Եմաթին թագաւորն ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի եւ Աւայի թագաւորը’»։
14Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ #37:14 Կամ, տարածեցբացաւ զանիկա։ 15Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. 16«Ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրին բոլոր թագաւորներուն վրայ միայն դո՛ւն ես Աստուած. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։ 17Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցո՛ւր ու լսէ՛։ Ո՛վ Տէր, աչքերդ բա՛ց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին բոլոր խօսքերը, որոնք ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։ 18Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր #37:18 Եբր., երկիրներըազգերը ու անոնց երկիրները աւերեցին, 19Անոնց աստուածները կրակի տուին. վասն զի անոնք աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։ 20Եւ հիմա դուն, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը»։
ԵՍԱՅԻԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ
(Դ. Թագ. 19:20-37)
21Ամովսին որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար աղօթք ըրիր ինծի, 22Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է.
‘Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ,
Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։
23Դուն ո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր
Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր
Եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։
24Քու ծառաներուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր,
Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձրերը,
Լիբանանի քովերը ելայ
Ու անոր բարձր եղեւինները
Եւ ընտիր մայրիները #37:24 Կամ, կտրեցիպիտի կտրեմ՝ ՝
Ու անոր խիստ բարձր ծայրը,
Անոր Կարմեղոսի անտառը #37:24 Կամ, մտայպիտի մտնեմ՝ ՝։
25Ես փորեցի ու ջուր խմեցի։
Պաշարուած տեղերուն բոլոր գետերը
Ոտքերուս թաթովը ցամքեցուցի։
26Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա ես շինեցի
Ու առաջուընէ ձեւակերպեցի.
Հիմա հասցուցի,
Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։
27Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար
Զարհուրեցան ու շփոթեցան։
Անոնք դաշտի խոտի եւ կանանչ բանջարի պէս
Ու տանիքի խոտի պէս
Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։
28Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ
Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։
29Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ
Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան,
Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ ե իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ
Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։
30«Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ,
Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը
Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք
Ու երրորդ տարին ցանեցէ՛ք ու հնձեցէ՛ք
Եւ այգիներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք։
31Եւ Յուդային տանը ազատուած մնացորդը
Վարէն արմատ պիտի արձակէ
Ու վերէն պտուղ պիտի տայ։
32Քանզի Երուսաղէմէն՝ մնացորդ մը
Ու Սիօն լեռնէն՝ ազատուածներու խումբ մը պիտի գայ.
Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ»։
33Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ,
Անոր նետ պիտի չնետէ,
Անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ, այլ
34Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ
Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ։
35Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ,
Ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։
36Ու Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։ 37Ուստի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։ 38Երբ անիկա իր Աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէք ու Սարասար զանիկա սուրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան եւ անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 37: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: